2014-05-01 08:59:22

Քիեւ` Արեւելեան Ուքրանիոյ մէջ կացութիւնը վերահսկողութեան տակ առնելու «կարողութիւնը չունի»։


Ուքրանիոյ ժամանակաւոր նախագահ Օլեքսանտր Թուրչինով խոստովանեցաւ, որ իր ուժերը «անկարող» են Տոնեցք եւ Լուհանսք շրջաններուն մէջ կացութիւնը վերահսկողութեան տակ առնելու, աւելի՛ն` ապահովական կարգ մը մարմիններու անձնակազմի անդամներ «ահաբեկիչներուն հետ կը գործակցին կամ կ՛օժանդակեն անոնց»: Ան ըսաւ, որ ներկայիս նպատակը խռովութեանց դէպի այլ տարածքներ` Խարքով եւ Օտեսա ընդարձակումը կանխարգիլելն է:
Թուրչինով նաեւ ըսաւ, որ «Ուքրանիա զինուորական ամբողջական պատրաստ վիճակի մէջ է»` մեկնելով այն մտավախութենէն, որ ռուսական զօրքեր կրնան երկիր ներխուժել:
Մինչ այդ, ռուսամէտ ցուցարարներ երէկ Հորլիւքա քաղաքին մէջ գրաւեցին շրջանային ոստիկանատունն ու քաղաքապետարանը:








All the contents on this site are copyrighted ©.